2016-08-02 09:43:00

ՏԱՀԵՇ իր համակիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` Ռուսիոյ մէջ յարձակումներ գործելու։


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ «ԵուԹիուպ»¬ի վրայ տեղադրած է տեսերիզ մը, որուն մէջ ահաբեկչական խմբաւորումը իր համակիրներուն կոչ կ’ուղղէ Ռուսիոյ մէջ յարձակումներ գործելու:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ տեսերիզի վաւերականութիւնը տակաւին կարելի չէ եղած ստուգել:

«Ռոյթըրզ» կը յայտնէ, որ տեսերիզին մէջ ՏԱՀԵՇ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` սպաննելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

 

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուղղաթիռ Մը Վար Առնուեցաւ

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական «Մի-8» տիպի ուղղաթիռ մը, որ Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութենէ կը վերադառնար, վար առնուած է:

Ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէին անոր անձնակազմի երեք անդամները եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական կեդրոնէն երկու սպաներ:

Քրեմլին յայտարարեց, որ անոնք բոլորն ալ մահացած են, որովհետեւ փորձած են գետնի վրայ քաղաքային զոհերու արձանագրումը կանխարգիլելու համար ուղղաթիռը հեռացնել բնակելի շրջաններէն:

Աւելի կանուխ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ երկուշաբթի օր Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ վար առնուած է «Մի-8» տիպի ուղղաթիռ մը, որուն վրայ էին անոր անձնակազմի երեք անդամներն ու Սուրիոյ մէջ ռուսական կեդրոնէն երկու սպաներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ուղղաթիռը Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարելէ ետք կը վերադառնար Հմէյմիմ ռազմակայան:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ուղղաթիռը Իտլիպի գիւղական շրջանին վերեւ թիրախ դարձած է հակաօդային զէնքերու:

Ըստ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին, դէպքէն ետք ռուսական ռմբաձիգներ թիրախ դարձուցած են ուղղաթիռի ջախջախման վայրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.